image

Թեհրան յայտարարած է, որ բանակցութիւններուն պատրաստ պիտի ըլլայ ծովային շրջափակման չեղարկումէն ետք

Թեհրան յայտարարած է, որ բանակցութիւններուն պատրաստ պիտի ըլլայ ծովային շրջափակման չեղարկումէն ետք

Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի բանակցութիւնները Իսլամապատի մէջ պիտի կայանան այն ժամանակ, երբ Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրանական նաւահանգիստներու շրջափակումը վերացուի։ Այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մշտական ներկայացուցիչ Ամիր Սայիտ Իրաւանին, որուն խօսքը մէջբերած է IRNA գործակալութիւնը։

«Հազիւ Ուաշինկթընը դադրեցնէ ծովային շրջափակումը, ես կը կարծեմ՝ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը պիտի կայանայ Իսլամապատի մէջ»,– ՄԱԿ-ի մէջ լրագրողներուն ըսած է Իրաւանին։

Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր Իրանի հետ հրադադարը երկարաձգելու մասին՝ սակայն նշելով, որ իրանական նաւահանգիստներու ծովային շրջափակումը պիտի շարունակուի։ Թրամփի խօսքով՝ առանց շրջափակման Թեհրանի հետ գործարք երբեք պիտի չըլլայ։

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը հաստատած է, որ առայժմ չի նախատեսեր պատուիրակութիւն ուղարկել Փաքիստան՝ Իրանի հետ բանակցութիւններու համար․ Միացեալ Նահանգները պիտի սպասէ համաձայնեցուած իրանական առաջարկին։

Աւելի վաղ իրանական Tasnim գործակալութիւնը հաղորդած է, որ երկրի իշխանութիւնները այս փուլին իմաստ չեն տեսներ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու մէջ՝ ամերիկեան կողմի չափազանց մեծ պահանջներուն պատճառով։