image

Մոժթապա Խամենէին շտապ տարհանուած է Ռուսիա․ ԶԼՄ

Մոժթապա Խամենէին շտապ տարհանուած է Ռուսիա․ ԶԼՄ

 

Իրանի նոր գերագոյն առաջնորդ Մոժթապա Խամենէին ռուսական ռազմական օդանաւով գաղտնի կերպով տեղափոխուած է Մոսկուա եւ ներկայիս բուժում կը ստանայ Ռուսիոյ տարածքին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Քուէյթի «Ալ Ճարիտա» թերթը։

Պարբերականի տեղեկութիւններով՝ տարհանումը իրականացուած է գաղտնի գործողութեան ծիրէն ներա այն բանէ ետք, երբ Մոժթապա Խամենէին վիրաւորուած է։

Նշուած է, որ Իրանէն մեկնելէն ետք ան տեղափոխուած է Ռուսիա, ուր այժմ բուժում կը ստանայ։ Թեհրանի կամ Մոսկուայի կողմէ այս տեղեկութեան պաշտօնական հաստատում առայժմ չէ եղած։