image

Մոսկուայի մէջ կրնայ կայանալ Ասատ-Էրտողան հանդիպումը

Մոսկուայի մէջ կրնայ կայանալ Ասատ-Էրտողան հանդիպումը

Էրտողանի ու Ասատի միջեւ թերեւս մօտ ժամանակներուն Փութինի աջակցութեամբ հանդիպում կայանայ Մոսկուայի մէջ։

Վերջնական թուականը պիտի որոշուի Ռուսիոյ նախագահի Թուրքիա կատարելիք այցի արդիւնքներով, գրած է Aydınlık թերթը, հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթի։

Անգարա դեռ այսպիսի հանդիպման հաւանականութեան մասին յայտարարութիւն չէ ըրած։

Աւելի վաղ Էրտողան յայտարարած էր, որ Ասատ «դիտողական դիրքորոշում» կը ցուցաբերէ Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, սուրիական կողմէն դրական վերաբերմունք չկայ։