image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուայէն նետեր՝ Զուիցերիոյ ուղղութեամբ

Մոսկուայէն նետեր՝ Զուիցերիոյ ուղղութեամբ

Ռուսիան յայտարարած է, թէ Զուիցերիան այլեւս չի կրնար ներկայացնել Ուքրանիոյ շահերը, որովհետեւ կողմնակալութիւն դրսեւորած է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր՝ Իւան Նեչայեւ:

«Դժբախտաբար, Զուիցերիան զրկուած է չէզոք երկիրի կարգավիճակէն եւ ո՛չ իբրեւ միջնորդ եւ ո՛չ ալ Ուքրանիոյ շահերը ներկայացնող երկիր կրնայ հանդիսանալ, որովհետեւ միացած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն», ըսած է Նեչայեւ:

Ան ըսած է, որ Զուիցերիան` պատժամիջոցներուն միանալով, դարձած է «Քիեւի նացիական վարչակարգի պաշտպան եւ կը մասնակցի Արեւմուտքի եւ Ուքրանիոյ շղթայազերծած ռուսատեացութեան լայնածաւալ արշաւին»:

Զուիցերիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր՝ Փիեռ Ալեն Էլչինկեր յայտնած է, որ Զուիցերիան ի գիտութիւն ընդունած է Ռուսիոյ յայտարարութիւնը:

«Մենք տեղեկացանք Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչի յայտարարութեան մասին, այս պահուս այդ նիւթով յաւելեալ բացատրութիւն պիտի չըլլայ», ըսած է Էլչինկեր: