image

Մոսկուան ստացած է Երեւանի դիմումը. Ռուսիոյ ԱԳՆ յայտարարութիւնը Հայաստանի սահմանի վերաբերեալ

Մոսկուան ստացած է Երեւանի դիմումը. Ռուսիոյ ԱԳՆ յայտարարութիւնը Հայաստանի սահմանի վերաբերեալ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խիստ մտահոգութիւն յայտնած է սեպտեմբերի լոյս 13-ի գիշերը հայ-ատրպէյճանական սահմանի առանձին հատուածներու մէջ իրավիճակի կտրուկ սրման կապակցութեամբ։

«Կոչ կ'ընենք կողմերուն զերծ մնալու իրավիճակի հետագայ մագլցումէն, զսպուածութիւն ցուցաբերելու ու անշեղօրէն պահպանելու հրադադարի ռեժիմը՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի 9 նոյեմբերի, 2021 թուականի 11 յունուարի ու 26 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւններուն համապատասխան»,- նշուած է ՌԴ ԱԳՆ կայքը հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը սերտ կապի մէջ է Երեւանի եւ Պաքուի հետ։ ՌԴ ԱԳՆ-էն նաեւ յայտնած են, որ ստացած են ՀՀ ղեկավարութեան դիմումը՝ առկայ երկկողմանի համաձայնագրերուն համապատասխան ու ՀԱՊԿ-ի` իրավիճակի կարգաւորման աջակցելու խնդրանքով:

Նախարարութիւնը յոյսով է, որ 13 սեպտեմբերին Մոսկուայի ժամանակով 09:00-ին հրադադարի մասին ռուսական միջնորդութեան հետեւանքով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը կ'իրականացուի ամբողջ ծաւալով:

«Նախկինին պէս կ'ելլենք անկէ, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ բոլոր վիճելի խնդիրները պէտք է լուծուին բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական ճանապարհով, իսկ սահմանային խնդիրներուն վերաբերող հարցերը (հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման երկկողմանի յանձնաժողովի աշխատանքի ծիրէն ներս)՝ Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ»,-նշած են Ռուսիոյ ԱԳՆ-էն:

Նշենք, որ իրավիճակի սրումէն յետոյ, գիշերը ՀՀ վարչապետի գլխաւորութեամբ անվտանգութեան խորհուրդի նիստ կայացած է, որու ընթացքին որոշուած է ՀՀ ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ յարձակողականի առնչութեամբ պաշտօնապէս դիմել Ռուսիոյ Դաշնութեան՝ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պայմանագրի դրոյթները գործողութեան մէջ դնելու նպատակով, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին: