image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուան անընդունելի կը համարէ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը սառեցնելու առաջարկը. Փեսքովը՝ Bloomberg-ի հրապարակման մասին

Մոսկուան անընդունելի կը համարէ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը սառեցնելու առաջարկը. Փեսքովը՝ Bloomberg-ի հրապարակման մասին

Մոսկուան անընդունելի կը համարէ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը սառեցնելու առաջարկը, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը, հաղորդած է РБК-ի թղթակիցը։

Անորմէ խնդրած են մեկնաբանել Bloomberg-ի այն հրապարակումը, ըստ որու՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը մտադիր է այս առաջարկն ընել G20-ի ղեկավարներուն։ Գործակալութեան տուեալներով՝ Թուրքիան Ուքրանիոյ պիտի առաջարկէ յետաձգել ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու բանակցութիւններն առնուազն 10 տարիով, ինչպէս նաեւ ստեղծել «ապառազմականացուած գօտի» Տոնպասի արեւելքին մէջ եւ այնտեղ տեղակայել «միջազգային զօրքեր»։

Փեսքովը մանրամասնած է, որ սառեցման ծրագիրը չէ քննարկուած Թուրքիոյ հետ Ռուսիոյ շփումներու ժամանակ։

«Ռուսական կողմի համար անընդունելի է մարտական գիծի շփման երկայնքով սառեցնելու տարբերակը։ Այս հարցի վերաբերեալ Փութինի ձեւակերպած պայմանները կը մնան արդիական»,- ըսած է Փեսքովը։

2024 թուականի յունիսին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն առաջարկած է Ուքրանիոյ հետ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններ սկսելու պայմանները։ Ատոնց շարքին են ուքրանական զօրքերու դուրսբերումն ինքնահռչակ Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութենէն, Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութենէն, Զափորոժիէի եւ Խերսոնի մարզերէն, այդ մարզերու եւ Խրիմի միջազգային ճանաչումը որպէս Ռուսիոյ մաս, Քիեւի՝ ՆԱԹՕ-ին միանալէն հրաժարիլը եւ Արեւմուտքի բոլոր պատժամիջոցներու վերացումը: Քիեւն այս պայմանները որակած է «վերջնագիր»։