Իրանի հետ Միացեալ Նահանգներու հակամարտութիւնը յառաջիկայ երկու ամիսներուն պիտի մտնէ բոլորովին այլ հանգրուան։ Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս։
«Մենք չենք կրնար ապագան կանխատեսել, սակայն կը կարծեմ, որ (ԱՄՆ) նախագահը ճիշդ է, երբ կ՚ըսէ, որ այն (խմբ.՝ Իրանի հետ հակամարտութիւնը) երկու ամիս ետք բոլորովին այլ հանգրուան պիտի մտնէ», – ըսած է ան «New York Post» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ։
Վենսի խօսքով՝ Միացեալ Նահանգներն արդէն իրագործած է առաջին հանգրուանը, որ Իրանի միջուկային ծրագիրին եւ Իսլամական Հանրապետութեան զինուած ուժերուն ոչնչացումն էր։
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը նշած է, որ երկրորդ հանգրուանը պիտի երաշխաւորէ, որ Թեհրան «չկարենայ վերականգնուիլ եւ փորձել պահպանել համաշխարհային կայունութեան մակարդակը»։
Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ հակամարտութիւնը պիտի աւարտի Քոնկրեսի՝ Նոյեմբերին կայանալիք միջանկեալ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք։