image

Մոսկուաբնակ ամոլէն նիւթական աջակցութիւն հարիւրաւոր հայ երեխաներու

Մոսկուաբնակ ամոլէն նիւթական աջակցութիւն հարիւրաւոր հայ երեխաներու

Օրերս կը խօսուի հայ ընտանիքի մը մասին, որ իր վրայ վերցուցած է հայ երեխայի մը վերջոյթներու վիրահատութեան ամբողջ ծախսերը` ներառեալ օդանաւի տոմս, կեցութիւն, բուն բժշկական միջամտութիւն ու վերականգնողական փուլ:

Կարէն Մարգարեան եւ Լիլիթ Կարապետեան ամուսինները սեփական միջոցներով կազմակերպած են շուրջ 200 հայ երեխաներու նմանատիպ եւ շատ թանկարժէք վիրահատութիւններ, ինչի շնորհիւ փոքրիկներէն շատերը այսօր վերդարձած են առօրեայ կեանքի, իսկ անոնց խնդիրները արտաքնապէս նոյնիսկ տեսանելի չեն:

Հրաշալի է, որ կան Լիլիթի ու Կարէնի նման զոյգեր, եւ աւելի հրաշալի պիտի ըլլար, եթէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր հնարաւորութիւններուն, իր կապերուն ու միջոցներուն թէկուզ փոքր հատուածը ուղղէր երկրի զարգացման ու վերակառուցման վրայ, նպաստելով խնդիրներու լուծման: