Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Կրեմլինի պաշտօնական կայքը:
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուած են ռուս-իրանական օրակարգի արդի հարցերը՝ շեշտը դնելով երկկողմ համագործակցութեան ողջ շրջանակի հետագայ զարգացման վրայ։ Մասնաւորապէս, նախագահները կողմ արտայայտուած են ուժանիւթի, փոխադրութեան եւ բանակային ոլորտներու մէջ փոխշահաւէտ նախագծերու հետեւողական իրականացման։
Միջազգային հարցեր քննարկելով երկուստէք դրական գնահատուած է Աստանայի գործընթացի շրջածիրէն ներս հաստատուած սերտ համակարգումը, որ առանցքային դեր կը խաղայ սուրիական կարգաւորման հարցով։ Մտադրութիւն յայտնուած է շարունակելու համագործակցութիւնը՝ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ իրավիճակի կարգաւորման եւ անոր տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման նպատակով։
Նշուած է, որ կը նախատեսուի շարք մը բարձր մակարդակի երկկողմ շփումներ կայացնել։