Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի`իտալական La Repubblica պարբերականի լրագրողի հետ հարցազրոյցին Ռուսիոյ մասին ըրած յայտարարութիւնները իրենց ոճով անընդունելի են, Մոսկուայի մէջ անկէ չափազանց դժգոհ են։ Այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է դիւանագիտական աղբիւրը։
«Մոսկուայի մէջ չափազանց դժգոհ են Հայաստանի ղեկավարութեան վերջին հրապարակային յայտարարութիւններէն, այդ շարքին՝ իտալական La Repubblica թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ Հայաստանի վարչապետի յայտարարութիւններէն, ինչպէս նաեւ ՀՀ ԱԳՆ-ի՝ 31 օգոստոսի մեկնաբանութենէն: Մոսկուայի մէջ ատոնք կը գնահատեն իրենց ոճով եւ բովանդակութեամբ անընդունելի՝ սեփական սխալ հաշուարկներու եւ սխալներու պատասխանատւութիւնը Ռուսիոյ վրայ դնելու նկատառումով»,-ըսած է ԹԱՍՍ-ի զրուցակիցը։
Ռուսիան՝ որպէս Հայաստանի ամենամօտ բարեկամ եւ հարեւան, չի պատրաստուիր լքելու հարաւկովկասեան տարածաշրջանը, սակայն Երեւանը պէտք չէ Արեւմուտքի գործիքը դառնայ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը դուրս մղելու համար, ըսած է աղբիւրը։
«Իրականութեան մէջ անոնք կը փորձեն արհեստականօրէն դուրս մղել Ռուսիան Հարաւային Կովկասէն՝ Երեւանը օգտագործելով որպէս այդ նպատակին հասնելու միջոց: Ռուսիան՝ որպէս Հայաստանի ամենամօտ հարեւան եւ բարեկամ, մտադիր չէ հեռանալ տարածաշրջանէն։ Այնուամենայնիւ, սա պէտք է ըլլայ երկկողմանի ճանապարհ: Հայաստանը նաեւ պէտք չէ Արևմուտքի գործիքը դառնայ Ռուսիան դուրս մղելու համար»,-ըսած է աղբիւրը։
Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները անվտանգութեան եւ տնտեսութեան ոլորտներու մէջ կը դիտարկէ «ոչ թէ որպէս երկրի մը կախուածութիւն միւսէն, այլ որպէս հաւասար, փոխշահաւէտ եւ ապացուցուած գործընկերութիւն»։