Հայաստան- ՀՀ Կառավարութիւնը կրնայ մշակոյթի նոր նախարար ունենալ: Այս մասին այսօր գրած է «Հրապարակ» օրաթերթը: Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան կը պատրաստուի պաշտօնանակ ընել մշակոյթի գործող նախարար Յասմիկ Յակոբեանը: Թերթին ունեցած տեղեկութիւններով ՀՀ հանրային ռատիոյի գործող տնօրէն՝ Արմէն Ամիրեան կը համարուի մշակոյթի նախարարի յաւակնորդ գլխաւոր թեկնածուն: