Աւագ երեքշաբթի, 15 ապրիլ 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Անթիլիասի մայրավանքի գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մշակոյթի նախարար դոկտ. Ղասսան Սալամէն եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ նետելու կառավարութեան աշխատանքներուն, յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ ընդհանրապէս Լիբանանի Դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ:
Վեհափառ հայրապետը ողջունեց նոր կառավարութեան կազմութեան սկզբնաւորութեան ներկայացուած աշխատանքային ծրագիրի յայտարարութիւնը, ուր յստակօրէն պարզուած են առաջնահերթութեան կարգով կատարուելիք աշխատանքները: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը թելադրեց յատուկ կարեւորութիւն ընծայել ընկերատնտեսական մարզին, որ անմիջականօրէն առնչուած է ժողովուրդի առօրեային: