image

Մօտերս Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպում նախատեսուած չէ

Մօտերս Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպում նախատեսուած չէ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Պրիւքսէլի մէջ պիտի չհանդիպի Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Այս մասին լրատուամիջոցներուն յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեանը։ 

Յիշեցնենք, որ ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը դեկտեմբեր 11-12-ը աշխատանքային այց պիտի կատարէ Պրիւքսէլ: Ան հրաւիրուած է մասնակցելու Եւրոմիութեան Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ձեւաչափով հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի օր:

Ծրագրուած են նաեւ երկկողմ հանդիպումներ: