image

Մօտ չենք միջուկային մեծ պատերազմի մը. ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար

Մօտ չենք միջուկային մեծ պատերազմի մը. ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար

ՆԱԹՕ-ն չի կարծեր, որ աշխարհը մօտեցած է միջուկային պատերազմին Իսրայէլի կողմէ Իրանը հարուածելու հետեւանքով։ Այս մասին յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթեն Սթոքհոլմի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսին, ուր ան ժամանած էր Պիլտերպերկեան ակումբի նիստին մասնակցելու համար։

«Ո՛չ, ո՛չ, մենք այնտեղ չենք։ ՆԱԹՕ-ի բոլոր երկիրներն արդէն կ՚աշխատին լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ», -ըսած է ան՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք աշխարհն աւելի մօտ է միջուկային պատերազմին Իսրայէլի կողմէ Իրանը հարուածելէ ետք։

«Սա Իսրայէլի կողմէ միակողմանի գործողութիւն է։ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցները, եւ առաջին հերթին՝ Միացեալ Նահանգները, պէտք է նպաստեն լարուածութեան թուլացման, եւ ես գիտեմ, որ անոնք արդէն այդ մէկը կ՚ընեն», -ըսած է Ռութթէն։

Ան ընդունած է, որ իրավիճակը «արագ կը զարգանայ, եւ դժուար է կանխատեսել, թէ ինչ կրնայ ըլլալ յաջորդ 24-48 ժամուան ընթացքին»։