image

Անիի Մայր տաճարը մզկիթի վերածելու նիւթին շուրջ Ասորի պատգամաւոր Ճորճ Արսլան հարցումներ յղեց՝ Խորհրդարանին

Անիի Մայր տաճարը մզկիթի վերածելու նիւթին շուրջ Ասորի պատգամաւոր Ճորճ Արսլան հարցումներ յղեց՝ Խորհրդարանին

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու հաւասարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ասորի երեսփոխան Ճորճ Արսլան հարցումներ ուղարկեց Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին։

Հարցումները կը վերաբերին Անիի Մայր տաճարին, թէ արդեօք վերանորոգումէն ետք վերջինս այցելուներու առջեւ պիտի բացուի իբրեւ մզկի՞թ։ Երեսփոխանին հարցումներուն բնագրին մէջ Անին կը բնորոշուի իբրեւ հայերու պատմական նշանաւոր կեդրոն։

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ այժմ «կը վերանորոգուի մզկիթի վերածուած Անիի Մայր տաճարը»։

Արսլան կ՛ըսէ, թէ Անիի Մայր տաճարին պէս Թուրքիոյ մէջ հարիւրաւոր պատմական եկեղեցիներ եւ վանքեր անտէրութեան մատնուած են եւ ոչնչացման վտանգին տակ կը գտնուին, մինչ անոնցմէ մաս մը մզկիթներու վերածուած է։

Արսլան կը շեշտէ Անիի Մայր տաճարին կարեւորութիւնը՝ իբրեւ համաշխարհային մշակոյթի ժառանգութեան կարեւոր մասնիկ։

Ստորեւ՝ նախարարութեան ուղղուած հարցումները.

 «1․ Արդեօք ճի՞շդ են ա՛յն պնդումները, որ Անիի Մայր տաճարը վերանորոգումէն ետք պիտի բացուի իբրեւ մզկիթ։

 «2․ Արդեօք նշեալ պատմական կառոյցի կրօնական ինքնութեան փոփոխութիւնը եւ մզկիթի վերածելու որոշումը չի՞ հակասեր Թուրքիոյ բազմակրօն եւ բազմամշակոյթ էութեան։

 «3․ Արդեօք պիտի վերանայուի Անիի Մայր տաճարը մզկիթի վերածելու որոշումը՝ նկատի ունենալով կառոյցին կրօնական եւ յատուկ ինքնութիւնը։

 «4․ Որո՞նք են մզկիթի վերածուած այն վանքերը եւ եկեղեցիները ձեր՝ նախարար ըլլալու ժամանակաշրջանին։ Վերջին 20 տարիներուն քանի՞ վանք եւ եկեղեցի մզկիթի վերածուած է»։

Արսլան նոյն հարցումները ուղղած է նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանին։