Աւստրալիոյ «Արմինիա-մետիա» հարթակի պատասխանատու, մեր գործընկեր լրագրող՝ Նորա Մելոյեան-Սեւակեան կը գրէ՝
Միայն ժամեր առաջ ակամայ, մերթ պոռթկումով, մերթ բարկութեամբ, մերթ հիասթափութեամբ, սրտի խորունկ ցաւով ու աննկարագրելի վիշտով, ցուրտ հողին յանձնեցինք , Սիտնիի փայլուն, խոհեմ ու իւրայատուկ երիտասարդներէն մեր սիրելի ու բարի Փանոսը։
Այս խաբուսիկ ու չար կատակներով լեցուն փուճ աշխարհը արժանի չէր քեզի սիրելի Փանոս։
Բարի ու ազնիւ հոգիդ, համեստ ու պարկեշտ խառնուածքդ շատ վեր էին աշխարհային ու երկրային այս կեանքի կեղծ արժէքներէն։
Այսօր մօրդ արձակած ցաւի իւրաքանչիւր աղաղակը, հօրդ եւ քրոջդ թափած արցունքի իւրաքանչիւր կաթիլը միախառնուեցան մեր սեփական ցաւին ու ապրած խոր վշտին ։
Համայնքը որուն արժանաւոր ու պատկառելի զաւակն էիր դուն, այսօր մեծով ու պզտիկով, հոծ բազմութեամբ եկած էր իր վերջին հրաժեշտը տալու քեզի , միութենական ու դպրոցական տարիներու ընկերներդ, հարազատներդ, զարմիկներդ եւ գործընկերներդ եկած էին քեզի «մնաս բարով» ըսելու աննման Փանոս։
Եկած էին մխիթարելու ճարահատ ու յուսահատ ծնողներդ, եկած էին դառն իրականութեան հետ միանգամ ընդմիշտ դէմ յանդիման գալու եւ վերջապէս ընդունելու անընդունելին։
Աւաղ, մեր բոլորին կողմէ սիրուած ու միշտ փնտռուած օրինակելի Փանոս, շատ շուտ կեանքի կարաւանէն դուրս եկար , շատ արագ մեկնեցար այս աշխարհէն, ուր տակաւին շատ երազներ ու նպատակներ ունէիր իրագործելիք։
Տակաւին շատ ուրախութիւններ ու յաջողութիւններ ունէիր վայելելիք, որոնք բոլորը մնացին կիսաւարտ ու շոքիացան ինչպէս ապրելիք կեանքիդ մնացեալ տարիները։
Բաժանումիդ ցաւը սոսկալի ահաւոր է սիրելի Փանոս, սակայն մեր միակ սփոփանքը քու ետին ձգած խօսուն ու վառ յիշատակներն են, որոնք օրն ի բուն պիտի ապրին սիրելի ծնողքիդ, հարազատներուդ եւ ընկերներուդ հետ։
Ննջէ խաղաղութեան մէջ գեղեցիկ ու շնորհալի երիտասարդ, աշխարհի չափ զօրութիւն եւ մխիթարութիւն թող պարգեւէ Տէրը ծնողքիդ։
Թող երկնային արքայութեան մէջ լուսաւորուի անմեղ ու բարի հոգիդ։
Մէկ հատիկ էիր ու մէկ հատիկ ալ պիտի մնաս յաւերժ մեր սրտերուն ու մեր յիշողութեան մէջ։