Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու Մոսկուայի հանդիպումը նախատեսուած է 19 Մայիսին: Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ ԱԳ փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեանը:
Մոսկուայի հանդիպումէն առաջ՝14 Մայիսին նախատեսուած է երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով հանդիպում մը, Պրիւքսէլի մէջ:
Անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօ՞ք Մոսկուայի հանդիպումը անոր տրամաբանական շարունակութիւնը պիտի ըլլայ՝ փոխնախարարը ըսած է, թէ որոշ տրամաբանական շարունակութիւն մը պիտի ըլլայ, բայց ամէն մէկը ունի իր իւրայատկութիւնները: