image

Միրզոյեան-Պայրամով Մոսկուայի հանդիպումը՝ 19 Մայիսին

Միրզոյեան-Պայրամով Մոսկուայի հանդիպումը՝ 19  Մայիսին

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու Մոսկուայի հանդիպումը նախատեսուած է 19 Մայիսին: Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ ԱԳ փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեանը:

Մոսկուայի հանդիպումէն առաջ՝14 Մայիսին նախատեսուած է երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով հանդիպում մը, Պրիւքսէլի մէջ:

Անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօ՞ք Մոսկուայի հանդիպումը անոր տրամաբանական շարունակութիւնը պիտի ըլլայ՝ փոխնախարարը ըսած է, թէ որոշ տրամաբանական շարունակութիւն մը պիտի ըլլայ, բայց ամէն մէկը ունի իր իւրայատկութիւնները: