Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները, ըստ նախնական պայմանաւորուածութեան, պէտք է հանդիպին նաեւ Մոսկուայի մէջ:
Այս մասին ըսած է ՀՀ ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արման Եղոյեանը լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին՝ անդրադառնալով Ուաշինկթընի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն:
Եղոյեան յայտնած է, որ Մոսկուայի մէջ հանդիպելու նախնական պայմանաւորուածութիւն եւս կայ:
«Ըստ այդ պայմանաւորուածութեան՝ հանդիպում պէտք է ըլլայ նաեւ Մոսկուայի մէջ»,-ըսած է Եղոյեան:
Աւելի վաղ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան յայտնած էր, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ պիտի կայանայ Մոսկուայի մէջ, որու ժամկէտներու վերաբերեալ յստակութիւն դեռ չկայ։