Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 11 Սեպտեմբերին ստորագրած է հրամանագիր զօրավար-լեյտենանտ Միքայէլ Ալպերթի Արզումանեանը Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար-պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնէն ազատելու մասին՝ իր դիմումի համաձայն:
Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: