image

Միքայէլ Արզումանեանը այլեւս Արցախի Պաշտ. Նախարար չէ

Միքայէլ  Արզումանեանը այլեւս Արցախի Պաշտ. Նախարար չէ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 11 Սեպտեմբերին ստորագրած է հրամանագիր զօրավար-լեյտենանտ Միքայէլ Ալպերթի Արզումանեանը Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար-պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնէն ազատելու մասին՝ իր դիմումի համաձայն:

Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: