image
Հրատապ լուրեր:

Միքաթի դարձեա՞լ վարչապետ

Միքաթի դարձեա՞լ վարչապետ

 Իսկ քուէներու «ահ»ը, որուն մասին կը խօսէին ընդդիմադիր շրջանակներ, մասնաւորապէս խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան նախօրէին (յիշեցնենք, որ Խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի, քուէարկութեան առաջին իսկ փուլէն ստացաւ ընտրութեան անհրաժեշտ քուէները եւ 7-րդ անգամն ըլլալով դարձաւ խորհրդարանի նախագահ) այսօր արդէն իսկ կը համարուին անցած փուլ։

 

 

 Յառաջիկայ օրերը կարեւոր օրեր կը հանդիսանան Լիբանանի համար։ 

 

 Խնդիրն այն է, որ Խորհրդարանին մէջ կայացած առաջին նիստէն ետք կը սպասուի, որ նախագահ Աուն իր մօտ հրաւիրէ երկրի նորընտիր երեսփոխանները եւ անոնցմէ պահանջէ նոր վարչապետի անուանումը։

 

 Նոր վարչապետի նշանակման համար ըլլալիք պարտադիր խորհրդակցութիւնները պայմանաւորուած չեն միայն օրէնսդրական ժամկէտներով։

 Մասնաւորապէս այս փուլին, երբ երկիրը ունի բազմապիսի խնդիրներ, միջազգային հանրութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան թղթածրարով հետաքրքրուած  կողմերը ակնդէտ կը սպասեն զարգացումներուն ու նաեւ տեղ մը Լիբանանի համար նախատեսուած ծրագիրներուն առընթեր կը ջատագովեն, որ երկիրը վայրկեան առաջ ունենայ նոր վարչապետ։

 

 Այստեղ սահմանադրութեան կարգով հարկ է յիշեցնել, որ ցանակած ընտրութիւնէ ետք գործող վարչապետն ու անոր գլխաւորած դահլիճը կը համարուին հրաժարած։ Հետեւաբար խորհրդարանի նորընտիր անդամները պարտաւորուած կըլլան, իրենց կարծիքը հնչեցնել ու նաեւ երկրի նախագահին յայտնել վարչապետին անուան համար իրենց ունեցած տեսակէտը։

 

 Բաց աստի, որ նախընտրութիւններու, քաղաքական հաշիւներու եւ անհատի նպատակայարմարութեան խնդիրներ կան, կայ նաեւ փաստացի տուեալ, որ Լիբանան պարտաւոր է արագօրէն կազմել նոր կառավարութիւն եւ բանակցութեան նստիլ Միջազգային Դրամատան հետ։

 

 

 Կայ նաեւ նոր նախագահի ընտրութեան հիմնահարցը, որ նախատեսուած է այս տարուայ աշնան ու այդ բոլորը հաշուի առնելով կողմերը պէտք է տեղ մը ընդունին, որ ինչքան «ընդունելի» ըլլայ վարչապետի անունը, այդքան աւելի հեշտ կ՚ըլլայ նախատեսուած ժամկէտներուն մէջ կայացնել նաեւ նախագահական ընտրութիւններու ազդեցիկ օրակարգը։

 

 Գալով անուններուն ու անկախ ամէն տեսակի հաշուարկներէ հարկ է հաշուի նստիլ այն փաստին հետ, որ վարչապետ Միքաթի եւ անոր կառավարութիւնը կարողացան մեծ ճիգեր գործադրելով յաջողութեամբ պսակել երկրի խորհրդարանական ընտրութիւնները։ 

 

 Բաց աստի շրջանային մակարդակի վրայ, Միքաթիի անունը կը համարուի ամենաշատը ընկալելի անուն, մանաւանդ որ, պաշտօնական Փարիզ, որ նաեւ սիւննի աշխարհին եւ Պէյրութի միջեւ միջնորդի դերով հանդէս կու գայ, տարբեր առիթներով իր հաւանութիւնը եւ զօրակցութիւնը յայտնած է Նէժիպ Միքաթիին։

 

 

 Այս բոլորը անշուշտ վերլուծական մակարդակի եղած կռահումներ են ու ամենաէականը այն է, որ Միքաթի կարողանայ ապահովել անհրաժեշտ քուէները, որոնք լսելի պէտք է դառնան նախագահ Աունի ականջին։

 

 Իսկ քուէներու «ահ»ը, որուն մասին կը խօսէին ընդդիմադիր շրջանակներ, մասնաւորապէս խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան նախօրէին (յիշեցնենք, որ Խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի, քուէարկութեան առաջին իսկ փուլէն ստացաւ ընտրութեան անհրաժեշտ քուէները եւ 7-րդ անգամն ըլլալով դարձաւ խորհրդարանի նախագահ) այսօր արդէն իսկ կը համարուին անցած փուլ։

 

 Լիբանանի բարեկամներուն, բայց մանաւանդ թշնամիներուն համար պարզէ աւելի պարզ է, որ  երկրի նախագահը, շիիթ երկեակը եւ այլ անկախ ուժեր պատրաստ էին եւ դեռ ալ պատրաստ են պահպանել առկայ համաձայնութիւնները, ալ ուր մնաց Միքաթիի պարագային, որ կրնայ իր կողքին ունենալ Ժոմպլաթական թեւի, անկախ սիւննիներու, ինչպէս նաեւ այլ փոքր ուժերու նեցուկը, այդպիսով ապահովելով այն կարեւոր քուէները վարչապետի «բարեբաստիկ» նշանակումը իրականութիւն դարձնելու համար։ 

 

 

 Ամէն ինչ դեռ մեր դիմացն է տակաւին, յստակ է միայն, որ հակառակ բազմաբեւեռ հիմնահարցերուն երկրի իշխանութիւնը իրենց ձեռքերուն պահող կողմերը, բաւարար ուժ ունին անվտանգ կերպով նոր վարչապետի մը նշանակման հարցը իրենց ձեռքերուն պահել ու նայիլ առաջ աւելի յստակ եւ աւելի ուղենշային փուլերու  առաջնորդելու համար վիրաւոր Լիբանանը։

 

 

 «Ա»