image

Մինսքի խումբը մտահոգ

Մինսքի խումբը մտահոգ

ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները խորապէս մտահոգուած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով վերջին միջադէպերով։ Այս մասին կ'ըսուի ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներ Էնտրիւ Շոֆըրի (ԱՄՆ), Իգոր Խովաեւի (ՌԴ) եւ Պրիս Ռոքֆուէի (Ֆրանսա) յայտարարութեան մէջ։

«Համանախագահները կողմերուն կոչ կ'ընեն անյապաղ ճիշգրիտ քայլերու ձեռնարկելու իրավիճակի ապամագլցողութեան համար։ Անոնք նաեւ կոչ կ'ընեն կողմերուն զերծ մնալու հրահրող հռետորաբանութենէ ու սադրիչ գործողութիւններէ եւ լիովին կատարելու Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան եւ հրադադարի մասին համատեղ համաձայնեցուած այլ պայմանաւորուածութիւններու համաձայն ստանձնած պարտաւորութիւնները։

Վերջերս լարուածութեան ուժեղացումը կ'ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած կամ անկէ բխող բոլոր չլուծուած խնդիրներու համաձայնեցուած, համապարփակ եւ կայուն լուծման անհրաժեշտութիւնը։ Համանախագահները կողմերուն կոչ կ'ընեն հիմնուելու Նիւ Եորքի եւ Փարիզի մէջ համանախագահներու հովանիին ներքոյ կայացած՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու համատեղ հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած յառաջընթացի վրայ՝ շարունակելով մասնակցութիւնը անմիջական երկխօսութեան, որ ուղղուած է տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման աջակցութեան»: