image

Միջուկային տէրութիւններու միջեւ բախման վտանգը կը մեծնայ. Շոյկու

Միջուկային տէրութիւններու միջեւ բախման վտանգը կը մեծնայ. Շոյկու

Միջազգային ասպարէզի մէջ խոշոր պետութիւններու միջեւ աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնը կը սրի, եւ միջուկային տէրութիւններու միջեւ ուժային բախման ռիսքերը կը մեծնան: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն։

«Աշխարհի մէջ աճող հակամարտութիւններու եւ աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան ուժեղացման լոյսին տակ կը մեծնան խոշոր պետութիւններու միջեւ, այդ շարքին՝ միջուկային տէրութիւններու մասնակցութեամբ ուժային բախման ռիսքերը», - նշած է Շոյկուն։

Ըստ Շոյկուի՝ արեւմտեան երկիրները «գաղափարական եւ արժէքային յարձակում» սանձազերծած են Ռուսիոյ եւ Պելառուսիոյ դէմ եւ կը փորձեն հարուածել ոչ միայն տնտեսական պատժամիջոցներու օգնութեամբ, այլեւ ապակայունացնելով երկիրներու մէջ ներքաղաքական իրավիճակը։

«Ներքին իրավիճակն ապակայունացնելու, ընկերային հիմքերը խարխլելու եւ խորթ նէոլիպերալ գաղափարախօսութիւն պարտադրելու փորձերը չեն դադրիր»,- նշած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը։