image

Միջեկեղեցական արարողութեամբ ոգեկոչուած է Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը Հռոմի մէջ

Միջեկեղեցական արարողութեամբ ոգեկոչուած է Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը Հռոմի մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցի առիթով երէկ, 23- Ապրիլի, երեկոյեան Հռոմի մէջ տեղի ունեցած է խաղաղութեան համար միջեկեղեցական արարողութիւն։

Արարողութիւնը կայացած է Սուրբ Բարթուղիմէոս եկեղեցւոյ մէջ, որ 2000 թուականին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդ Պապը վստահած է Comunità di Sant’Egidio միջազգային մարդասիրական կազմակերպութեան, որպէս 20-րդ եւ 21-րդ դարերու քրիստոնեայ նահատակներու յիշատակի սրբավայր։

Միջոցառումը կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցչութեան եւ Comunità di Sant’Egidio-ի կողմէ՝ Քահանայապետական Լեւոնեան կաթոլիկ հայ վարժարանի եւ Մխիթարեան Միաբանութեան մասնակցութեամբ։

Արարողութեան մասնակցած են հայ առաքելական եւ հայ կաթոլիկ եկեղեցիներու հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ կաթոլիկ, անգլիկան, աւետարանական, «մեթոդիստական», ղպտի եւ մալանքար ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու, Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան եւ Ռումինական Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւորականները։

Ներկայ եղած են Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանները Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ մէջ՝ Պորիս Սահակեանն ու Վլատիմիր Կարապետեանը, դեսպանութիւններու աշխատակազմեր, հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ, հիւրեր եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկած է Comunità di Sant’Egidio միջազգային մարդասիրական կազմակերպութեան նախագահ Մարկօ Իմպալիացցոն։

Ապա կարդացուած է Քրիստոնեաներու միութեան խթանման բաժինի նախագահ՝ Կարտինալ Կուրտ Կոխի յղուած պատգամը, ուր կը նշուէր, որ ներկաները հաւաքուած են աղօթքի յիշատակելու «Մեծ Եղեռնը»՝ 20-րդ դարու սկիզբը հայ քրիստոնեաներու նահատակութիւնը։ Կ՛ընդգծուէր, որ հայ նահատակները մաս կը կազմեն բոլոր քրիստոնեաները միաւորող «ընդհանուր նահատակագրութեան»՝ «արեան էքումենիզմի», կը յիշեցուէր քրիստոնեաներու շարունակուող հետապնդումներու մասին, եւ յոյս կը յայտնուէր, որ անոնց վկայութիւնը պիտի դառնայ եկեղեցւոյ միասնութեան սերմը՝ առաջնորդելով դէպի լիակատար հաղորդութիւն Քրիստոսի մէջ։

Արարողութիւնը նախագահած եւ քարոզած էր Սուրբ Աթոռի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը։ Իր քարոզի մէջ Սրբազանը յիշեցուցած է Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի 2015 թուականի յայտարարութիւնը, որով Հայոց ցեղասպանութիւնը բնորոշուած էր որպէս «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն»։ Ան ընդգծած է, որ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը չի կիրառուիր վրէժի կամ մեղադրանքի նպատակով, այլ՝ ճշմարտութեան ծառայելու համար՝ յիշեցնելով Պապի խօսքը, թէ «չարի ժխտումը կամ թաքցնելը նման է վէրքը շարունակ արիւնահոս ձգելուն»։

Սրբազանը կոչ ըրած է յիշել Հայոց ցեղասպանութեան նահատակները, ինչպէս նաեւ մեր ժամանակներու քրիստոնեայ նոր նահատակներուն՝ ընդգծելով, որ անոնց վկայութիւնը Խաչի խորհուրդի մէջ կը դառնայ հաշտութեան, արդարութեան եւ յոյսի սերմ։

Խաժակ Արք. Պարսամեան իր քարոզի մէջ համադրած է արարողութեան ընթացքին հնչած Սուրբ Գիրքի ընթերցումները հայ ժողովուրդի պատմական փորձութիւններու հետ՝ ընդգծելով, որ ծանրագոյն տառապանքները չեն կոտրած ժողովուրդի հաւատքը, եւ որ ամէն ինչէն զրկուելու պահուն մնացած է միայն Քրիստոսը։ Ան մեջբերած է Յիսուսի խօսքերը. «Թող ձեր սիրտը չխռովուի… Ես կ՛երթամ ձեզի համար տեղ պատրաստելու»՝ շեշտելով, որ բռնութիւնը չի կրնար ոչնչացնել Աստուծոյ կողմէ պատրաստուած յաւիտենական կեանքի իրականութիւնը։

Սրբազանը նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշողութիւնը ոչ միայն պատմական յիշատակ է, այլեւ զգուշացում ներկայի համար՝ ընդգծելով, որ ժխտումը, պատմութեան խեղաթիւրումը եւ ատելութեան աճը կրնան յանգեցնել նոր ողբերգութիւններու։

Ան ընդգծած է երեք հիմնական ուղենիշներ՝ ճշմարտութեան եւ սիրոյ մէջ պահուող յիշողութիւն, համերաշխութիւն տառապեալներու եւ պապանձեալներու հետ, ինչպէս նաեւ հաւատքի եւ յոյսի նորոգում՝ վստահութեամբ, որ Աստուած չի լքեր Իր ժողովուրդին։

Քարոզի աւարտին Սրբազանը կոչ ըրած է հաւատացեալներուն դառնալ խաղաղութեան արարիչները՝ սկսելով ներման եւ սիրոյ ընտրութենէն եւ այն տարածելով հասարակութեան մէջ՝ երկխօսութեան եւ հաշտութեան միջոցով։

Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցած է դասական երաժշտութեան կարճ համերգ կազմակերուած Հռոմի «Ասոարմենի» հայ մշակութային ընկերակցութեան կողմէ, տարբեր երկիրներու երաժիշտներու մասնակցութեամբ՝ յայտնի տուտուկահար Գէորգ Տապպաղեանի եւ յոյն դասական կիթարահար Անթիգոնի Գոնիի, ինչպէս նաեւ պէլճիքացի թաւջութակահար Եմի Նորինգտոնի եւ ջութակահար Պոլինա Շարաֆեանի։ Հնչած են առաջին կատարմամբ ներկայացուած Վաչէ Շարաֆեանի «Օրֆէուս» համերգը՝ կիթարի, տուտուկի, ջութակի եւ թաւջութակի համար, ինչպէս նաեւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Բացեա՜ զդուռն» շարականի հիման վրայ գրուած ստեղծագործութիւնը եւ սերպ կոմպոզիտոր Տուշան Պոգդանովիչի՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Հաւուն, հաւուն» տաղով ներշնչուած «սյուիթ» (շարանուագը):