Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով հաստատած է այն տեղեկութիւնը, որ յառաջիկայ շաբաթներուն կը սպասուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնացներ Սթիւըն Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների այցելութիւնը Ռուսիա։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Interfax-ը։
Բանագնացներու այցի յստակ թուականներ չեն նշուիր։
Աւելի վաղ ռուսական լրատուամիջոցներու մէջ լուրեր շրջանառուած էին Սթիւըն Ուիթքոֆի հաւանական այցելութեան մասին։ Ռուսիոյ նախագահի ներդրումներու հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Քիրիլ Տմիթրիեւ նշած էր, որ Թրամփի յատուկ բանագնացը «մտադիր է այցելել Ռուսիա շատ մօտ ապագային»։