image
Հրատապ լուրեր:

Պերճ Աբգարեան «Լիբանանահայութեան համար նախատեսուած բժշկական առաքելութիւնը կը սպասէ աւելի ապահով պայմաններու»

Պերճ Աբգարեան «Լիբանանահայութեան համար նախատեսուած բժշկական առաքելութիւնը կը սպասէ աւելի ապահով պայմաններու»

«Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ մեր հայրեանկից, եւ ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոս  Տիար Պերճ Աբգարեան  երկար տարիներու փորձառութիւն ունի համայնքային ծառայութեան առընթեր եւ նոյն առումով ալ չէ մոռցած իր պարտականութիւնները  իրականցնել կապուած Հայաստանին, եւ իրեն համար միշտ սիրելի հանդիսացող Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութներուն։

Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան պատասխանատու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս՝ Պերճ Աբգարեան յայտնեց, թէ Լիբանանի համար նախատեսուած հինգերորդ բժշկական առաքելութիւնը ժամանակաւորապէս առկախուած է տարածաշրջանային անկայունութեան եւ անվտանգային բարդ իրավիճակին պատճառով, սակայն անպայման պիտի կայանայ եւ շարունակուի։

 Այս մասին խօսելով Պերճ Աբգարեան նշած է, որ ամիսներ շարունակ պատրաստուած ծրագիրը նախատեսուած էր իրականացնել 2026-ի մայիսին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ։ Նախատեսուած էր, որ 24 մասնագէտ բժիշկներէ բաղկացած խումբ մը այցելէ Լիբանան եւ բժշկական ծառայութիւններ, դեղորայք եւ սարքաւորումներ տրամադրէ տեղի հայկական համայնքին, ինչպէս նաեւ Հալէպի հայութեան։

 Աբգարեան նաեւ բացատրած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ստեղծուած լարուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան իշխանութիւններու կողմէ Լիբանան չմեկնելու կոչերը ստիպած են առաքելութիւնը յետաձգել։ Սակայն շեշտած, թէ իրենց նպատակը երբեք չէ փոխուած, եւ իրենք կը շարունակեն կանգնիլ լիբանանահայութեան կողքին՝ յատկապէս դժուար օրերուն։

Պերճ Աբգարեան ընդգծած է, որ իրենց նախաձեռնութիւնը պարզ պարտականութիւն կամ բարեսիրական ցուցադրութիւն չէ, այլ՝ խոր գիտակցութեամբ իրականացուող ծառայութիւն։ «Ինչ կարողութիւն որ Աստուած մեզի տուած է, պիտի բաժնեկցինք մեր ժողովուրդին հետ», նշած է ան՝ աւելցնելով, թէ իրենց առաքելութեան բառարանին մէջ «անտարբերութիւն» հասկացութիւն գոյութիւն չունի։

Ան նաեւ յիշեցուց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք իրենց առաքելութիւնը նոր թափ ստացաւ, որովհետեւ աւելի խոր զգացուեցան լիբանանահայութեան կարիքները։ Այդ ժամանակէն ի վեր շարունակաբար աշխատանք տարած են առողջապահական, ընկերային եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ՝ ներգրաւելով նաեւ ոչ հայ կամաւոր մասնագէտներ։

Աբգարեան վերջապէս վստահեցուցած է, որ խաղաղ պայմաններու ստեղծուելէն անմիջապէս ետք առաքելութիւնը պիտի վերագործարկուի՝ շարունակելով իր մարդասիրական ծառայութիւնը Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ ապրող հայութեան համար։