image

Միջազգային ԶԼՄ-ներ. Բագրատ Սրբազանը քարիզմաթիք գործիչ է եւ իր անունը չէ արատաւորուած «խայտառակութիւններ»ով

 Միջազգային ԶԼՄ-ներ.  Բագրատ Սրբազանը քարիզմաթիք գործիչ է եւ իր անունը չէ արատաւորուած «խայտառակութիւններ»ով

Համաշխարհային լրատուամիջոցներն անդրադարձած են Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տէր Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի գլխաւորած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման, որուն մասնակիցները հասած են Երեւան եւ մեծ հանարահաւաք կայացուցած Հանրապետութեան հրապաարակին մէջ:

Reuters գրած է՝ «Հայաստանի մայրաքաղաք՝ Երեւանի մէջ, բողոքարկու մեծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր եւ կը պահանջէր հրաժարիլը վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանին, Ատրպէյճանին  քանի մը սահմանագլուխ գիւղեր զիջելու որոշումին պատճառով։ 

Գործակալութիւնը նաեւ նկատած է, որ այս որոշումը զայրոյթ պատճառած է շատերուն։ 

Deutsche Welle գրած է՝ առաջին անգամն է, որ Հայաստանի յետ խորհրդային պատմութեան մէջ բողոք կատարուեցաւ եկեղեցւոյ գլխաւորութեամբ: Թերթը նաեւ գրած է, «Ընդդիմադիր շարժումը կ՚ուզէ իր նպատակին հասնիլ քաղաքացիական անհնազանդութեան միջոցով, որ  սկսաւ  10 մայիսի առաւօտեան։ Ըստ փորձագէտներուն այս հանրահաւաքը ամենանամեծն էր, 2021-ի ընտրութիւններու բողոքի ցոյցերէն յետոյ, բայց մտահոգութիւն չէ պաճառած կառավարութեան: Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեան կոչ   ըրած է պատրաստուելու երկարատեւ  պայքարի։»

«Բագրատ Արքեպիսկոսի շարժումը արձագանգ էր Ատրպէյճանին  հիւսիսային սահմանի չորս գիւղերը զիջելուն, որոնք մաս կը կազմեն Տաւուշի, որուն թեմը կը ղեկավարէ  ան։ Բայց այս  պատրուակ է, որպէսզի միացնեն բոլոր ուժերը, որոնք դժգոհ են Հայաստանի իշխանութիւններու բանակցութիւններէն Ատրպէյճանի հետ, ուր փոխարէնը ոչինչ չեն ստանար, նաեւ ներքաղաքական կեանքին մէջ կը դիմեն յանցաւոր մեթոտներու, քրէական հետապնդում իրականացնելով։» գրած է BBC:

Լրատուական ծառայութիւնները կը նկատեն, որ Փաշինեանի ինքնիշխանութեան վեց տարուան ընթացքին՝ 2020 թուականի պատերազմներու պարտութենէն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն հեռանալէն յետոյ , շատերը դժգոհ են։

 

Սակայն նախկին բոլոր փորձերը միացնելու համար ընդդիմութիւնը՝ ձախողած  են, որովհետեւ որպէս առաջնորդներ հակասական եւ հանրաճանաչ գործիչներ առաջարկուած էին, բայց Բագրատ Սրբազան երիտասարդ եւ քարիզմաթիք է եւ իր անունը արատաւորուած չէ վերջին տարիներու քաղաքական եւ փտածութեան գայթակղութիւններով: Չենք կրնար զինք անուանել ռուսամէտ գործիչ։ Ան ուսում ստացած է եւ ծառայած Մեծ Բրիտանիոյ  եւ Գանատայի մէջ։ Այդ ամէնը կը զայրացնէ Փաշինեանի կուսակցութիւնը, անոր կողմնակից լրատուամիջոցները շարժումը վարկաբեկելու արշաւ սկսած են եւ կը մեղադրեն, որ ան մաս կը կազմէ ռուսական հետախուզական ծառայութեան եւ մաֆիայի, առանց փաստ ներկայացնելու։ 

 

Հայաստանի մէջ կան շատ մարդիկ, որոնք յուսախաբ եղած են երկուքէն: Իրենց համար Բագրատ Արքեպիսկոպոսի շարժումը եւ «Հոգեւոր Հայաստանի» կարգախօսները  ամբովախարութեան տեսակ մըն են, առանց  յստակ հարթակի, իրատեսական նպատակներ եւ իրավիճակի լուրջ վերլուծումներու։ Իրենց համար շարժումը կը տարբերի Փաշինեանի ամբոխավարութիւնէն  միայն աւելի պահպանողական գեղագիտութեամբ ։

 

Politico  նշած է, որ Սրբազանին սկզբնական պնդումն էր, որ բողոքարկուները կը պահանջեն վերջ տալ սահմանազատման գործընթացին, բայց յետոյ՝ Փաշինեանի հրաժարիլը, որովհետեւ ան ձախողեցաւ երկիրը կառավարել։ 

 

«Սահմանազատման այս գործընթացը անօրինական է։ Մեր շարժումը սկսած է տուժած գիւղերէն, բայց երկարատեւ հեռանկարով,  վտանգուած է ամբողջ Հայաստանը»- ըսած է Բագրատ Սրբազան ֆրանսական Le Monde-ին: Թերթը գրած է՝ «Շարժումը կրօնական չէ, Գալստանեան քննադատած է միակողմանի զիջումները, մատնանշելով որ սահմանադրութիւնը նախատեսած է հանրաքուէ՝ տարածքը փոխելու համար եւ դատապարտելով փաստը, որ այդ զիջումները կատարուած են Պաքուի սպառնալիքին տակ։» 

 

«Երբ Նիկոլ Փաշինեան երկու ամիս առաջ եկաւ գիւղացիները տեսնելու, իրենց ըսաւ «Եթէ մենք այս սահմանազատման գործընթացքը չընենք, նորէն պատերազմ տեղի կ’ունենայ Ատրպէյճանի հետ»։