Ուզպեքիստանէն Ռուսաստան մեկնած աշխատանքային գաղթականները ամենամեծաթիւ խումբն են օտարերկրացիներուն մէջ, որոնք եկած են աշխատելու Ռուսաստանի մէջ 2021 թուականին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Ռուսիոյ Ներքին Գործոց նախարարութիւնը։
Տարեսկիզբէն Ռուսաստանի տարբեր մարզեր եկած է աւելի քան 3 միլիոն ուզպեք։ Ուզպեքիստանի եւս 60 հազար քաղաքացի եկած է սորվելու Ռուսաստանի տարբեր ուսումնական հաստատութիւններու մէջ։
Երկրորդ տեղը գրաւած են Տաճիկստանի ներկայացուցիչները։ Այս տարի Ռուսաստանի մէջ աշխատելու եկած է Տաճջիկստանի 1,6 միլիոն քաղաքացի։
Երրորդը կասթրապայթըրներն են Ղրղզստանի՝ աւելի քան 600 հազար մարդ։
Իսկ Հայաստանէն Ռուսաստան աշխատելու մեկնած է մօտ 300 հազար մարդ, Ատրպէյճանէն՝ մօտ 200 հազար։