image

Միասին գործել եղած տարաձայնութիւնները յաղթահարելու համար. ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութենէն յորդոր

Միասին  գործել  եղած տարաձայնութիւնները յաղթահարելու համար. ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութենէն յորդոր

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիու Միլըր ճեպազրոյցին անդրադարձած է վերջին օրերուն Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ սահմաններուն հրադադարի խախտումներուն՝ ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ մտահոգուած ըլլալ այս իրավիճակի առնչութեամբ:

«Եւ մենք կը շարունակենք երկու կողմերուն յորդորել միասին աշխատիլ՝ եղած տարաձայնութիւնները յաղթահարելու համար: Ընդհանրապէս, ինչպէս գիտէք, մենք կը հաւատանք, որ համաձայնութիւնը կը շարունակէ հասանելի ըլլալ, եւ մենք անհամբեր կը սպասենք հրաւիրելու երկու կողմերուն՝ առաջ շարժելու»,-ըսած է Միլըր: