image

TRIPP-ը նոր դարաշրջան պիտի բանայ Հայաստանի համար․ վարչապետ

TRIPP-ը նոր դարաշրջան պիտի բանայ Հայաստանի համար․ վարչապետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի շրջածիրէն ներս տեղի ունեցող «Քոնքորտիա» տարեկան գագաթնաժողովի փանելային քննարկման, կը յայտնէ կառավարութիւնը։

Պատասխանելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան եւ անոր հետեւանքով ստեղծուող կարելիութիւններուն վերաբերող հարցին՝ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ ներկայիս աշխատանքները կեդրոնացած են TRIPP ծրագիրի իրագործման վրայ, որուն շնորհիւ ամբողջութեամբ պիտի բացուի տարածաշրջանային կապակցուածութիւնը։

«Այն նոր դարաշրջան պիտի բանայ մեր երկրին եւ տնտեսութեան համար», ըսած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ այդպիսով կեանքի կը կոչուի նաեւ կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը։

Այնուհետեւ վարչապետը խօսած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ, մասնաւորաբար, արհեստական բանականութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան մասին։ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներու հետ նախորդ տարուան Օգոստոս 8-ին ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրին արդիւնքով Հայաստանի մէջ մէկ տարուան ընթացքին ստեղծուած են արհեստական բանականութեան երեք կեդրոններ, որոնցմէ երկուքը մեծածաւալ ներդրումային ծրագիրներ են։

Վարչապետը անդրադարձած է նաեւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի զարգացումներուն՝ աւելցնելով, որ անիկա մեր երկրին մէջ յաջողութեամբ կը զարգանայ եւ կը նկատուի տնտեսութեան կարեւոր մէկ մասը։ Նիկոլ Փաշինեան համոզմունք յայտնած է, որ խաղաղութեան հաստատումով Հայաստանի ներդրումային գրաւչութիւնը հետեւողականօրէն պիտի աճի։

Վարչապետ Փաշինեան պատասխանած է նաեւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ ինքնաբաւութեան հասնելու կարելիութիւններուն, կուտակիչ կայաններու ստեղծման եւ նոր աթոմակայանի կառուցման ուղղուած քայլերուն վերաբերող հարցերուն։

 

Խօսելով Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մասին՝ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ երկու ուղղութիւններուն մէջ ալ հաստատուած է ռազմավարական գործընկերութիւն եւ ընդգծած, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ խորացնել հաւասարակշռուած եւ հաւասարակշռող իր արտաքին քաղաքականութիւնը։