image

«Միակ ուղին կարգաւորումի ուղին է». Սերգէյ Լաւրով

«Միակ ուղին կարգաւորումի ուղին է». Սերգէյ Լաւրով

Ռուսիոյ ԱԳՆ ղեկավար Սերգէյ Լաւրով  իր գործընկեր Արարատ Միրզոյեանի հետ առանձնազրոյցէն յետոյ մաուլի ասուլիսի ժամանակ անդրադառնալով Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, նշած է` կասկած չկայ, որ վերջնական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք պիտի բերուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ:

Ռուս պաշտօնեային խօսքով` տուեալ գործընթացը կը շարժի, թերեւս ցանկալի էր, որ կշռոյթները աւելի արագ ըլլային, սակայն գործընթացը կ'ընթանայ, ձեռք կը բերուին էական, առայժմ միջանկեալ, բայց  դրական արդիւնքներ:

 «Վստահ եմ, որ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորումէն բացի այլ ուղի գոյութիւն չունի...Այն ինչ մենք կ'անուանենք «խաղաղութեան պայմանագիր», կը հիմնուի Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած առաջարկներու եւ  ի պատասխան Հայաստանը ներկայացուցած է իր տեսլականը: Հաշուի առնելով այս երկու փաստաթուղթերը` կ'ընթանայ գործընթաց, որուն մենք պատրաստ ենք մասնակցելու միջնորդի, խորհրդատուի եւ աջակցող երկրի դերով», եզրափակած է Լաւրովը: