Միացեալ Նահանգներու մէջ ի տէր հանգած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի յարգուած եւ նուիրեալ քահանաներէն՝ Տ. Նարեկ քհնյ. Փեհլիվանեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն Թեմիս հանգստեան կոչուած հոգեւորականներէն` Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 13 Մայիս 2024-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Տ. Նարեկ Քահանան ծնած է Հայաշէն, Պէյրութ, 1943-ին։ Մանուկ հասակին հօրեղբօր ձեռքէն բռնած մուտք գործած է եկեղեցի, ուր դարաւոր շարականներու շունչով հասակ առած է, ապա ձեռնադրուած է դպիր ու սարկաւագ, հաւատարմօրէն ծառայելով Հայ Եկեղեցւոյ: Միշտ գիր ու գիրքի մօտ անձ՝ աշխատած է տպարանի մէջ, ինչպէս նաեւ ամերիկեան պատճէնահանման ընկերութեան մը մօտ: Քահանայ ձեռնադրուած է 1986-ին` ձեռամբ Տ. Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի:
Տէր Նարեկի հովուական ծառայութիւնը սկիզբ առած է 1986-ին, Կիպրոս, Լարնաքայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ: 1990-ին, ընտանեօք փոխադրուած են Քընէթիքէթ, Միացեալ Նահանգներ, ուր 3 տարի ստանձնած է հովուութիւնը տեղւոյն Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ, ապա Գանատա, Վէնքուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ: 1996-ին Տէր Հայրը իր ընտանիքով հաստատուած է Լոս Անճելըս:
Վախճանեալ քահանան Լոս Անճելըսի մէջ հուվուական պաշտօններ վարած է Ս. Քառասնից Մականց (Օրէնճ Քաունթի), Ս. Սարգիս (Փասատինա), Ս. Խաչ (Մոնթեպելլօ) եւ Նորթ Հոլիվուտի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիներուն մէջ:
Մինչեւ իր անհանգստութիւնը, շուրջ տասը տարի, ան մաս կազմած է Ազգային Առաջնորդարանի անձնակազմին, միաժամանակ իբրեւ այցելու պատարագիչ՝ գործած է Առաջնորդարանի հովանին վայելող հեռակայ ծուխերու մէջ:
Այս տխուր առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնն ու Ազգային Առաջնորդարանի անձնակազմը իրենց խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնեն վախճանեալ Տէր Հօր կեանքի ընկերոջ՝ Երէցկին Շողիկին, զաւակներուն՝ Ֆիլիփին, Հուրիին եւ Յարութին ու իր տիկնոջ եւ թոռան, որուն ծնունդը տեսնելու բախտին արժանացաւ ան իր կեանքի վերջին տարուան ընթացքին: Ցաւակցութիւններ կը յայտնենք նաեւ քոյրերուն՝ Պերճուհիին եւ Էլիզապէթին, եղբօր՝ Արային եւ համայն ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն ու բարեկամներուն:
Վերջին օծումն ու Թաղման կարգը տեղի պիտի ունենան Հինգշաբթի, 23 Մայիս 2024-ին, կ.ե. ժամը 1-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ապա թաղումը՝ ժամը 3:30-ին, Hollywood Hills Forest Lawn:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։