image

Միացեալ Նահանգներէն պատժամիջոցներու սպառնալիք՝ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին

Միացեալ Նահանգներէն  պատժամիջոցներու սպառնալիք՝ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին

Լիբանանի խորհրդարանի խօսնակ Նապիհ Պըրին կը գլխաւորէ 19 լիբանանցի քաղաքական գործիչներու ցուցակը, որոնց Միացեալ Նահանգները կը սպառնայ պատժամիջոցներով՝ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը խոչընդոտելու համար: Այս մասին յայտնած է Nida Al-Watan թերթը։ 

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Պարպարա Լիֆը, որ պատժամիջոցներ նախաձեռնողն է, Պէյրութ կատարած այցի ընթացքին Լիբանանի ապագայ նախագահի ընտրութեան ձախողման ողջ պատասխանատւութիւնը դրած է խորհրդարանի մէջ Պըրիի գլխաւորած պատգամաւորներու վրայ ու զգուշացուցած, որ անոնց նկատմամբ պատժամիջոցներ պիտի կիրառուին, եթէ հանրապետութեան ղեկավարն այս ամիս չընտրուի։

19 Յունուարին Լիբանանի խորհրդարանի պատգամաւորները տասնմէկերորդ անգամ կայացած քուէարկութեան ժամանակ քաղաքական տարաձայնութիւններու պատճառով չկարողացան ընտրել հանրապետութեան նախագահ։ Կառավարութեան ամենաբարձր պաշտօնը թափուր է անցեալ տարուան 31 հոկտեմբերէն, երբ զօր. Միշել Աունը լքեց Պաապտա նախագահական պալատը իր վեցամեայ ժամկէտի աւարտէն ետք։

Ըստ Լիբանանի պետական կառուցուածքի, երկրի նախագահ կ'ընտրուի քրիստոնեայ, վարչապետ՝ սիւնի, իսկ խորհրդարանի նախագահ՝ շիա համայնքներու ներկայացուցիչները: