image

Միացեալ Նահանգներ պէտք չէ ուղղակիօրէն մասնակցի Ուքրանիոյ տագնապին. Ամերիկացի պաշտօնատար

Միացեալ Նահանգներ պէտք չէ ուղղակիօրէն մասնակցի Ուքրանիոյ տագնապին. Ամերիկացի պաշտօնատար

ՆԱԹՕ-Ն պէտք չէ անմիջականօրէն մասնակից դառնայ Ուքրանիոյ տագնապին: Այս մասին գերմանական ԶՏՖ պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ՝ Ճուլիանա Սմիթ:

«ՆԱԹՕ-ն սկիզբէն ի վեր որոշում տուած է չդառնալու պատերազմի կողմ, եւ այդ դիրքորոշումը կը կիսեն դաշինքի բոլոր 30 անդամները: Գոյութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ անհատական աջակցութիւնը: Կայ զինուորական եւ տնտեսական աջակցութիւն, սակայն ՆԱԹՕ-ն պէտք չէ ուղղակիօրէն մասնակից ըլլայ, եւ ես չեմ տեսներ այս դիրքորոշման փոփոխութիւն», ըսած է Սմիթ: