image

Միացեալ Նահանգներ կտրականապէս դէմ է Թուրքիոյ կողմէ ցանկացած գործողութեան. Այդ մասին խօսած է Օսթին

Միացեալ Նահանգներ կտրականապէս դէմ է Թուրքիոյ  կողմէ  ցանկացած  գործողութեան. Այդ մասին խօսած  է Օսթին

Փենթակոն հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր թուրք պաշտօնակից Հուլուսի Աքարին ներկայացուց Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ հաւանական որեւէ ցամաքային ներխուժման մեր ուժեղ ընդդիմութիւնը»:

Նախքան այդ, Աքար յայտնեց. «Ամերիկացիները մեզի կոչ ուղղեցին վերատեսութեան ենթարկելու հիւսիսային Սուրիոյ մէջ հաւանական զինուորական գործողութիւնը, ատոր դիմաց անոնց կոչ ուղղեցինք յարգելու իրենց խոստումները»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնած էր. «Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը կ՛աջակցի, եւ պէտք է այդ աջակցութիւնը դադրեցնել, եւ անոր կոչ կ՛ուղղենք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն իր աջակցութիւնը դադրեցնելու»:

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու բանբեր Արամ Հաննա «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ թրքական ռմբակոծումներէն ետք, Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը Միջազգային դաշինքին հետ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի համակարգուած եւ միացեալ բոլոր գործողութիւնները դադրեցուած են:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն