Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ, «Ետինայա Ռոսիա» կուսակցութեան նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ պատասխանած է թելեկրամեան իր գրառումներու առանձնայատուկ կոշտութեան մասին հարցին: Ան ըսած է, որ կ'ատէ «սրիկաները», որոնք «Ռուսիոյ մահ կը ցանկան»: Միաժամանակ, Մետվետեւը չէ պարզաբանած, թէ ճշգրիտ որու մասին է խօսքը:
Ամէնէն յաճախ ԱԽ փոխնախագահը բացասաբար կը գրէ Ուքրանիոյ, Եւրոմիութեան եւ ԱՄՆ-ի իշխանութիւններուն մասին:
«Մարդիկ ինծի յաճախ կը հարցնեն, թէ ինչու իմ թելեկրամեան գրառումներս այդքան կոշտ են: Պատասխանը այն է, որ ես կ'ատեմ զանոնք: Անոնք սրիկաներ են: Մահ կ'ուզեն մեզի` Ռուսիոյ համար: Եւ քանի դեռ ողջ եմ, ամէն ինչ պիտի ընեմ, որ անոնք անհետանան», գրած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավարի տեղակալը: