image

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մասնակից՝ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի սրբադասման արարողութեան

 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մասնակից՝ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի  սրբադասման  արարողութեան

Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին սրբադասման արարողութեան մասնակցեցան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի պատասխանատուներէն Հոգեշնորհ Տէր Պսակ Վարդապետ Թէփիրճեան։

  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  լուրերը հաղորդող «Կիլիկիա» հարթակէն կը կարդանք՝ 

19 Հոկտեմբեր 2025-ին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւորական Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի սրբադասումը։ Առ այդ, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին սրբադասման արարողութեան մասնակցեցան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի պատասխանատուներէն Հոգեշնորհ Տէր Պսակ Վարդապետ Թէփիրճեան։ Մեսրոպ սրբազան հայրը նաեւ ներկայ գտնուեցաւ հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ Հռոմի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներու։

Իսկ Լիբանանի մէջ, հայ կաթոլիկ Պատրիարքարանին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Արքեպիսկոպոս Փանոսեան եւ միաբան հայրեր։ Անոնք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ փոխանցեցին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շնորհաւորանքն ու հոգեւոր զօրակցութիւնը