image

«Մեծ պատերազմ տեղի չի ունենալու».Զրոյց լրագրող ՝Արտիոմ Չերնամորեանի հետ

«Մեծ  պատերազմ  տեղի չի ունենալու».Զրոյց  լրագրող ՝Արտիոմ Չերնամորեանի հետ

 «Նաթանիահուն յայտարարել է պատերազմը, սակայն ոչ դժվար է, որ նա հրաժարական տայ»,- այս մասին «Արեւելք»ին ըսած է Իսրայէլ հաստատուած լրագրող, «Իսրայէլահայեր» թերթի խմբագիր Արտիոմ Չերնամորեան։ 

 Լրագրողը նաեւ կը նշէ, որ Իսրայէլը կը պատրաստուի շատ արիւնալի պատասխան տալ «Համաս»ի կողմէ եղած գրոհին։

 

 Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ եղած ծանրագոյն զարգացումները բնականաբար ունին արտաքին գործօններ։

Չերնամորեան կը հաւատայ, որ եղած զարգացումները նոր ամբողջական պատերազմի մը պիտի չվերածուի, հաստատելով նաեւ, որ կարգ մը շրջանային կողմեր պիտի փորձեն օգուտներ քաղել ստեղծուած իրադրութիւնէն։

Միւս կարեւոր բոլոր մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով։

 

 

 

 Ի՞նչ սպասել Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւններուն իբր հետեւանք։

 Արդեօ՞ք Նաթանիահու կը հրաժարի Իսրայէլի վարչապետի պաշտօնէն։

 Մեծագոյն տուժողը պիտի ըլլայ Կազայի պաղեստինցիները։

 Իսրայէլ կը պատրաստուի մեծ հակագրոհի մը անցնիլ, եւ այս առումով ինչպէ՞ս կրնայ հանգուցալուծուիլ այս տագնապը։

 Այս բոլորին մասին «Արեւելք»ին խօսած է Իսրայէլ հաստատուած լրագրող՝ Արտիոմ Չերնամորեան։

 Միացէք Youtube-եան ալիքին։