Փետրուար 13-ին, ժամը 01:00-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած, որ հրդեհ բռնկած է Երեւանի Յաղթանակ թաղամասի ամառանոցային 2-րդ տարածքի տուներէն մէկուն մէջ:
Դէպքի վայր մեկնած է ԱԻՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատրն երկու մարտական հաշուարկ:
Պարզուած է, որ կ'այրէր մէկ տուն եւ երկու տնակ:
Հրդեհի բարդութեան կանչով դէպքի վայր են մեկնել ԱԻՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն եւս երկու մարտական հաշուարկ, Հրդեհաշիջման եւ փրկարարական աշխատանքներու կազմակերպման բաժնի հերթապահ խումբը եւ Բժշկական ապահովման վարչութեան հերթապահ բժիշկը:
Մինչ փրկարարներու կանչի վայր հասնիլը` քաղաքացի Ք. Գ.-ն (մօտ 40 տարեկան) հիւանդանոց փոխադրուած է Այրուածքաբանութեան ազգային կեդրոն, ուր բժիշկները տուժածին առողջական վիճակը գնահատած են ծանր:
Հրդեհը մեկուսացոած է ժամը 02:05-ին, մարած` 03:03-ին: Այրած են տուներէն մէկը եւ կից փայտաշէն տնակը` 135 քմ: Տան մէջ յայտնաբերուած է Հ. Ա.-ի (1988-ի ծնունդ) դին: