image
Հրատապ լուրեր:

«Յաղթանակ» դաշինքէն 5 անձ մեղադրեալի կարգավիճակ ունի

«Յաղթանակ» դաշինքէն 5 անձ մեղադրեալի կարգավիճակ ունի

Ընտրակաշառք ստանալու, տալու եւ ընտրակաշառքի միջնորդութեան դէպքերու առթիւ «Յաղթանակ» դաշինքէն 5 անձ մեղադրեալի կարգավիճակ ունի։ Այս մասին յայտնած են Հակափտածութեան կոմիտէի մամուլի ծառայութենէն։

«Ընտրակաշառք ստանալու, տալու եւ ընտրակաշառքի միջնորդութեան դէպքերի առթիւ ՀՀ հակակոռուպցիոն կոմիտէում նախաձեռնուած քրէական վարոյթներով մեղադրեալի դատավարական կարգավիճակ ունի 5 անձ»,- յայտնած են կոմիտէէն։

Անոնց նկատմամբ ընտրուած են անազատութեան հետ կապ չունեցող, այլընտրանքային խափանման միջոցներ։

Նախօրէին յայտնի դարձած էր, որ Հակափտածութեան կոմիտէի կողմէ քննուող քրէական վարոյթներու շրջածիրէն ներս «Յաղթանակ» դաշինքի որոշ անդամներու տուներու մէջ իրականացուած են ապացուցողական եւ վարութային այլ գործողութիւններ։

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ խուզարկութիւններ կ՚իրականացուին դաշինքի անդամներ Կարէն Գէորգեանի, Արմէն Դաւթեանի, Մայիս Մելքոնեանի, Տիգրան Գէորգեանի բնակարաններուն մէջ։

Այս դաշինքը մասնակցած է Արմաւիրի մարզի Վաղարշապատ համայնքի աւագանիի նոյեմբեր 16-ին ընտրութիւններուն։ Ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի տուեալներու՝ այն երկրորդ հորիզոնականը զբաղցուցած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութենէն ետք։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է 15,298 քուէ, իսկ «Յաղթանակ» կուսակցութիւններու դաշինքը՝ 10,051։