Լիբանանեան լրասփիւռներ կը յայտնեն, որ այսօր մեծ հրդեհ մը ծագած է Տորա շրջանին մէջ։
Հրդեհը ծագած է բնակչութիւնէ զուրկ եւ հին ինքնաշարժներու կառատունի վերածուած հողամասի մը վրայ։
Նախնական տուեալներով հրդեհը պատճառած է սոսկ նիւթական վնասներ եւ այդ հատուածին մէջ գտնուող կարգ մը ինքնաշարժներ հրկիզուած են ծուխի եւ սեւ ամպերու օդոլորտ մը ստեղծելով։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Տորան կը գտնուի հայահոծ Պուրճ Համուտ աւանի կից եւ այն կը համարուի ճարտարաուեստի եւ առեւտուրի մեծ կեդրոն մը։
Լուրը՝Lebanon 24-ի եւ «Արեւելք»ի
حريق في بورة حجز سيارات، برج حمود - الطريق البحرية pic.twitter.com/iVZNzhs4NS
— Fouad Khreiss (@fouadkhreiss) September 6, 2022