image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ երգիչ Սապահ Ֆախրի յուղարկաւորուեցաւ Հալէպի մէջ

 Մեծ երգիչ Սապահ Ֆախրի յուղարկաւորուեցաւ Հալէպի մէջ

Սուրիացի,հանգուցեալ ,արուեստագէտ,երգիչ Սապահ Ֆախրիի մարմինը յուղարկաւորուեցաւ հինգշաբթի օր ՝ Հալէպի մէջ։ 

 Յուղարկաւորման արարողութիւնը կատարուեցաւ Սուրիոյ Նախագահ ՝ Ն.Վ. Տօքթ. Պաշշար Ասատի ներկայացուցիչ նախարար Ազամ Մանսուրի ներկայութեամբ:

 Վերջին հրաժեշտի արարողութեան ներկայ եղան տեղեկատւութեան եւ մշակոյթի գործիչներ, ինչպէս նաեւ «Պաաս» կուսակցութեան խորհրդանական անդամներ ու արուեստագետներու միութեանց ներկայացուցիչներ։

  «Ադամանդէ կոկորդ»ի   տէր համարուող,  Սապահ Ֆախրին (Բուն անունով ՝ Սապահ ալ տին Ապու Գոս) առանձնայատուկ յարաբերութիւններ ունէր , Սուրիոյ նախագահութեան (սկսած հանգուցալ նախագահ Հաֆէզ Ասատի օրերէն) երկրի նախագահական կառոյցին հետ ու այդ առիթով ալ Սուրիոյ առաջին տիկին Ասմա Ալաստ ընդունած է հանգուցեալի այրի Ֆաթիմա Խէյրին։

 Յիշեցնեմ, որ Սապահ Ֆախրի տարբեր առիթներով արժանացած է Սուրիոյ պետութեան ամենաբարձր շքանշաններուն։

 Ան պետութեան յանձնարարականով նախաձեռնած է Սուրիոյ ազգագրական երգերը Եունեսքոյին ներկայացնելու ծրագիրը եւ զայն յաջողութեամբ պսակած։

Սապահ Ֆախրի երգեցողական ասպարէզին մէջ,ունեցած է կէս դար երկարող ,բացառիկ գործունէութիւն։ 

 

«Արեւելք»ի համար պատրաստեց ՝ Տօքթ. Նորայր Մանճեան