image

Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներուն բացառիկ յաջողութիւնը

Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներուն բացառիկ յաջողութիւնը

Պէյրութէն հպարտառիթ լուր ստացանք։ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի երեք սաներ արժանացած են Պէյրութի միակ հայկական՝ Հայկազեան Համալսարանի նախագահի պատուոյ ցուցակին մաս կազմելու դրոյթին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ վարժարանի կողմէր հրապարակուած հաղորդագրութեան ճամբով։ 

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող դժուարին պայմաններուն, Մեսրոպեան վարժարանը գլխաւորութեամբ Տիար Կրէկուար Գալուստի եւ վարժարանի նուիրեալ անձնակազմին կը շարունակեն նոր յաջողութիւններ գրանցել ու բարձր պահել հայկական վարժարանի վարկն ու անունը։

Ստորեւ լրատւութիւնը։

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հպարտութեամբ կը տեղեկացնէ, որ իր երեք շրջանաւարտները ընդգրկուած են Հայկազեան համալսարանի Նախագահի պատուոյ ցուցակին վրայ՝ 2024-2025 կրթական տարեշրջանի աշնանային կիսամեակին: Ասիկա բացառիկ ձեռքբերում մըն է, որ կ՛ընդգծէ մեր աշակերտներուն նուիրումը՝ կրթութեան, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեանի մատուցած արժէքներն ու կրթութեան որակը:

Սրտանց կը շնորհաւորենք

• Քաթրին Օննիկ Թորոսեան

• Մարք Հրայր Կիւլկիւլեան

• Մարիա Քրիսթէլ Գէորգ Սալիպեան

իրենց ուաճումներուն համար: Թող իրենց յաջողութիւնները ներշնչեն շրջանաւարտ յաջորդ սերունդները, որ ձգտին գերազանցութեան եւ ջանասիրաբար աշխատին անձնական թէ համայնական աւելի լաւ ապագայի մը համար:

Մերոպեանը կը շարունակէ մնալ նուիրուած՝ ստեղծելու եւ պահպանելու միջավայր մը, որ կ՛երաշխաւորէ աշակերտներուն կրթական եւ անձնական զարգացումը: