image

Գլխաւորութեամբ Ալպեր Պալապանեանի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւնը այցելեց՝ Մեսրոպեան Վարժարան

 Գլխաւորութեամբ Ալպեր Պալապանեանի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւնը այցելեց՝ Մեսրոպեան  Վարժարան

Իւրայատուկ քայլով մը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է Պէյրութի՝ Պուրճ Համուտ հայահոծ թաղամասի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան։

Պատուիրակութիւնը ընդունուած է վարժարանի նուիրեալ տնօրէն՝ Տիար Կրէկուար Գալուստ։

 Ստորեւ եղելութեան մասին «Արեւելք»ին ուղարկուած հաղորդագրութիւնը։

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ պարոն Ալպեր Պալապանեանի, այսօր, 6 Հոկտեմբեր 2025-ին, պաշտօնական այցելութիւն կը կատարեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ տեսակցեցաւ տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի եւ անձնակազմի անդամներուն հետ՝ երկխօսելու համար ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախկին նախարար պարոն Աւետիս Կիտեանեան եւ պարոն Ճորճ Գրիգորեան։

 

Տնօրէնին հետ հանդիպումին, պատուիրակութեան անդամները ծանօթացան Մեսրոպեան վարժարանի գործունէութեան եւ լսեցին կրթական համայնքը յուզող խնդիրներուն մասին, ընդգծելով իրենց պատրաստակամութիւնը համատեղ ջանքերով դիմագրաւելու առկայ մարտահրաւէները, որոնք կը վերաբերին լիբանանահայ կրթական հատուածին։

 

Անձնակազմին հետ հանդիպումին, Մեսրոպեանի ուսուցիչները բարձրացուցին Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ բնակչութեան բնականոն կենսագործունէութեան հետ կապուած հարցեր, շեշտելով յատկապէս փողոցներէն եւ հանրային այլ տարածքներէն կանոնաւոր աղբահանում ապահովելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը։ Պարոն Պալապանեան վստահեցուց, որ արծարծուած բոլոր մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ կատարուած առաջարկները պիտի արժանանան պատշաճ ուշադրութեան, բարելաւելու համար հանրային կեանքին որակը Պուրճ Համուտի մէջ։

 

Պարոն Կրէկուար Գալուստ ողջունեց պատուիրակութեան այցը եւ լիբանանահայ համայնքի պատասխանատու մարմիններուն միջեւ երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը, համարելով այն կարեւոր ուղի մը՝ ընդհանրական խնդիրներու լուծման համար։