Մանկապարտէզին մէջ ուսուցչուհին կը հարցնէ, թէ ո՞վ գիտէ Մասիսը, ես անմիջապէս կը պոռամ.
– Մասիսը քեռիս է:
Աւելի ուշ կը գիտնամ, որ Մասիսը մեր սրբազան լեռն է եւ իմ մէջս հայկականութիւնը նաեւ քեռիիս միջոցով դրոշմուած է. չէ՞ որ ան Հայաստանի խորհրդանիշը եղող լերան անունը կը կրէր:
Մենք Պէյրութ եկած էինք Պոլիսէն, աւելի ճշգրիտ` Սամաթիայէն, որուն բնակիչներէն Մասիսը, «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» գիրքէն դուրս ցատկած ապրող կերպար մըն էր, ճիշդ ու ճիշդ Յակոբ Պարոնեանի նկարագրած համակրելի սամաթիացին, որ Լիբանանի եւ աւելի ուշ Միացեալ Նահանգներու մէջ միշտ մնաց նոյնը` իր խօսելու ոճով, Սամաթիայի բարբառով, պաշտօնական ձեւականութիւններէ խրտչող, պարզունակ նիստ ու կացով, անմիջական, անկեղծ, պարզ, բայց սրամիտ, կենսուրախ,շուրջը խինդ ու ժպիտ տարածող, կեր ու խումի սիրահար մը:
Հայրս յանկարծամահ եղաւ մեր Պէյրութ հաստատուելէն քանի մը տարի ետք: Ես եւ մայրս, որ ութ ամսուան յղի էր, ապաստան գտանք մեզմէ կարճ ժամանակ ետք Պուրճ Համուտ փոխադրուած քեռիիս՝ Մասիսին տունը, ուր նաեւ կային շապին գարահիսարցի մեծ հայրս եւ արաբկիրցի մեծ մայրս: Այնպէս որ, մեր սրբազան լերան անունը կրող քեռիիս տան մէջ կար Արեւմտեան Հայաստանի եւ Պոլսոյ հայկական տոհմիկ, ընտանեկան մթնոլորտը, որ այնքա՜ն կենսական էր բոլորովին օտար վայրի մը մէջ հօրմէ զրկուած քրոջս եւ իմ կազմաւորման համար:
Մասիս մեր պատճառով ուշ ամուսնացաւ.ան արդէն ընտանիք ունէր` իմ եւ քրոջս հայրն էր… Եւ այսպէս, նուազագոյն աշխատավարձ ստացող քեռիս, մօրս կարի գործի շատ սահմանափակ եկամուտին օգնութեամբ, իր օրուան հացը ,բառին ամէնէն հարազատ եւ իսկական իմաստով, մեզի հետ կիսեց: Երբեմն այդ ալ չըրաւ. ամբողջը մեզի տուաւ:
Կեանքի այդպիսի դժուար, բայց հեքիաթային օրերուն, 1960-ականներու սկիզբը, Ամերիկայէն Լիբանան այցելութեան եկած մեծահարուստ ազգական մը, վերադարձի ատեն մեր տունն ալ հանդիպելով` ողորմութեան նման գումար մը տուաւ: Քեռիս այդ պահուն տունը չէր, սակայն քանի մը վայրկեան ետք գալով` դրամը մօրս ձեռքէն խլեց, հեծանիւով սուրաց օդակայան եւ վերադարձուց դրամը Ամերիկայի մեր հարուստ ազգականին: Սամաթիացի հայուն արժանապատուութիւնը արմատաւորուած էր մէջը:
Դրամէն աւելի` ունեցած դրամը ծախսել կը սիրէր: Թէեւ ուզածին չափ դրամ չունեցաւ, որպէսզի սիրած չափով ծախսէ, բայց դրամէն աւելի սիրեց հարազատները, ընկերութիւնը, մտերմութիւնը, հայը… իբրեւ վաւերական հայ ապրիլը: Արդարեւ, թրքական բանակին մէջ պարտադիր ծառայութեան տարիներուն, Պոլսոյ, Պէյրութի եւ Ամերիկայի մէջ 83 տարի որպէս հայ ապրեցաւ:
Քեռիիս հայկականութիւնը տարբեր արտայայտութիւն մը ունէր, ինչպէս այդ օրերուն Լիբանան հաստատուած բոլոր պոլսեցիներունը. պարզ, ոչ բռնազբօսիկ, զերծ պոռոտ դրսեւորումներէ, հռետորութենէ, մանաւանդ` հայախօս, այդ օրերուն թրքերէն խօսող Պուրճ Համուտի հայերու լայն շրջանակի մը մէջ:
Մասիս երբ իր սեփական գործը հիմնեց`օդափոխիչ սարքերու տեղադրում,արաբ շէյխի մը Պաալպեքի մէջ նոր կառուցած դղեակը կանչուեցաւ: Քեռիս նոր կառոյցը քննելէ ետք կ’ըսէ.
– Շէ՛յխ, դղեակը կառուցուած, վերջացած է, օդափոխիչը տեղադրելը անկարելի է:
Շէյխը կ’ըսէ.
– Ուալա՜ու եա պարոն, հա՛յ եւ անկարելի՞, ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ:
Մասիս կը մտածէ, որ հայուն մասին օտարին այս համարումը ինք պէտք չէ խախտէ: Գիշերը ցերեկին կը խառնէ եւ լուծումը կը գտնէ:
Քեռիս ի վերջոյ նոր տուն մը վարձելով իր ընտանիքը կազմեց, երբ մայրս կրկին ամուսնանալով, մենք կեդրոնական Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին մօտ տուն մը փոխադրուեցանք: Սակայն լիբանանեան պատերազմին այդ շրջանը շատ վտանգաւոր երբ եղաւ, կրկին ապաստանեցանք Մասիսին տունը, ուր այս անգամ կային` քեռիս, քեռկինս, իրենց երեք երեխաներով, մեծ հայրս, մեծ մայրս, Մասիսին աները եւ զոքանչը…
Այդ տան մէջ մենք ոչ միայն ապահով զգացինք, այլ ամէնէն կարեւորը` մենք մեզ օտար չզգացինք, շնորհիւ նաեւ աննման քեռկինիս` Եղսոյին, որ նոյնպէս պոլսեցի էր եւ՝ հայ նահապետական կնոջ մը բոլոր արժանիքներով օժտուած:
Պէյրութի պատերազմի մէկ տաք հանգրուանի մը մենք Մասիսը նոյնպէս հալածեցինք Այնճար, ուր այդ ամառ փոքր տուն մը վարձելով, ընտանիքը օդափոխութեան տարած էր:
Մասիս ի վերջոյ օձիքը մեր ձեռքէն ազատեց,երբ իր պաշտպան հրեշտակին` Եղսոյին հետ հաստատուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր այլեւս զինք չհալածեցինք…
Եւ լաւ չըրինք չհալածելով…
Որովհետեւ մեր խիղճը մեզ կը տանջէ.մենք չկրցանք ըստ արժանւոյն եւ գործնապէս մեր երախտագիտութիւնը արտայայտել մերին Մասիսին, որ ինծի սորվեցուցած է` ֆութպոլ խաղալ, հեծիկ քշել, մուրճ գործածել, սինեմա երթալ, Արաքս փողոցին վրայ Եզեկիելին խանութէն «Ազդակ» թերթը գնել եւ տնեցիներուն կարդալ, ընտանիքի բարեկեցութեան համար անձնական նախասիրութիւններէ անտրտունջ զրկուիլ, իրաւունքդ չպահանջելու աստիճան փափկանկատ ըլլալ եւ քիփլինկեան ըմբռնումով հազար ճիգերու շահը կորսնցնելէ ետք, առանց տրտնջալու, ողբալու, նոյն թափով վերսկսիս, կրկին սկսիս, սկսի՛ս… Մասի՜ս… Մասի՜ս, իմին Մասիսս:
Վերջին շաբաթներուն անբացատրելի նախացգացումներ ունեցայ: Երբ լսեցի,որ Մասիսը տեղափոխած են հիւանդանոց, ուր կը գտնուի մահաքունի մէջ, մտքիս պաստառին վրայէն սկսան անցնիլ հի՜ն, հի՜ն դէպքեր եւ նկարներ, մինչ միաժամանակ ծանօթ երգին եղանակով կը կրկնէի.
«Ամէն մարդ ալ քեռի ունի,
իմ ՔԵՌԻԷՍ ոչ ոք ունի»:
Գրեց՝ Թորգոմ Ջանան