image
Հրատապ լուրեր:

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ «քրիթիք» պահ է. Պլինքըն

Մերձաւոր Արեւելքի  մէջ «քրիթիք» պահ է. Պլինքըն

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, ըսած է, որ այժմ «քրիթիքական պահ» է: Ան ներգրաւուած կողմերուն կոչ ըրած է աշխատելու լարուածութիւնը թուլացնելու համար, քանի որ աւելի մեծ տարածաշրջանային պատերազմի վերաբերեալ մտահոգութիւնները կ՚աճին: Այս մասին գրած է cbsnews.com-ը:

«Մենք զբաղուած ենք եռուն, գրեթէ շուրջօրեայ դիւանագիտութեամբ՝ շատ մէկ պարզ ուղերձով. բոլոր կողմերը պէտք է զերծ մնան մագլցումէ: Բոլոր կողմերը պէտք է քայլեր ձեռնարկեն լարուածութիւնը թուլացնելու համար: Մագլցումը չի բխիր ոչ մեկու շահերէն: Այն միայն կը յանգեցնէ աւելի շատ հակամարտութիւններու, աւելի շատ բռնութիւններու, աւելի շատ անապահովութեան»,-ըսած է ան: 

Պլինքըն աւելցուցած է, որ «կարեւոր է նաեւ այս շրջանը կոտրելը՝ հասնելով Կազայի մէջ հրադադարի, եւ այդ իր հերթին կը ստեղծէ աւելի կայուն խաղաղութեան հնարաւորութիւններ ոչ միայն բուն Կազայի մէջ, այլեւ այլ հատուածներու մէջ, ուր հակամարտութիւնը կրնայ տարածուիլ»:

Ան կոչ ըրած է բոլոր կողմերուն գտնելու «համաձայնութեան գալու ուղիներ, ոչ թէ յետաձգելու կամ «ոչ» ըսելու պատճառներ փնտռել»:

«Հրամայական է, որ բոլոր կողմերը ճիշդ ընտրութիւն կատարեն յառաջիկայ ժամերուն եւ օրերուն», - շեշտած է ան։