Օրերս բարեբաստիկ տօներուն առթիւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը (ՀԵՀԵՄ) պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքած է գլխաւորութեամբ Միութեան նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանին։
«Արեւելք» ատոր մասին իմացաւ Միութեան պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Սուրբ Ծննդեան առիթով Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան պաշտօնական ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ 6 Յունուար 2026ին, Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցւոյ «Ահարոնեան Սրահին մէջ։ Միութեան Նախագահի Տեղապահ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, Կեդրոնական Մարմինի անդամներ եւ Հայ Աւետ. հովիւներ ու երէցկիներ ողջունեցին հայ թէ ոչ-հայ եկեղեցական, քաղաքական եւ դիւանագիտական հիւրեր, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ժողովուրդ, Տէր Յիսուսի Ծնունդը շնորհաւորելու համար, մաղթելով խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն Լիբանանի, տարածաշրջանի եւ Հայաստանի համար։

