Ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ
Ամենագիտութիւնը մեր տունը կը քանդէ, եւ «պուլշիթ»ը զիս կը խեղթէ։
Համոզուած եմ թէ մարդկութեան, իսկ այս պարագային հայկական կեանքի մէջ յառաջդիմութիւնը խանգարող ամենէ նկատառելի բաներէն մէկը մարդոց ամենագիտութիւնն է. այսինքն, երբ մարդիկ կը կարծեն - աւելի՛ ն, համոզուած են - թէ իրենք ամէն ինչի մասին գիտեն, ու ամէն ինչի բոլոր տուեալներուն կը տիրապետեն, ու համեստութիւնն անգամ չունին զուսպ մնալու, գէթ հանրային կերպով չ՚արտայայտուելու բաներու մասին որոնց մասին գրեթէ ոչինչ գիտեն։
Այս երեւոյթը յատկապէս նեղացուցիչ է երբ մեր ազգային-հաւաքական կեանքին մէջ կը հանդիպինք մարդոց, երբեմն պաշտօններ զբաղեցնող մարդոց, երբեմն ալ «մեկնաբաններ»ու, որոնք աշխարհի ու կեանքի մէջ ամէն բանի մասին կարծիք ունենալով (բնականաբար իրենց իրաւունքն է), իրենք իրենց իրաւունք կու տան հանգամանալից կերպով արտայայտուելու եւ հանրային գրառումներ կատարելու բաներու մասին, երբ կը հասկնաս թէ ըսուածի մասին շատ քիչ կամ ոչինչ գիտեն։
Դեռ քիչ առաջ հանդիպեցայ «մասնագէտ» քաղաքական մեկնաբանի մը գրառումին, մեր ազգային-հաւաքական իրականութիւնէն առնուած երեւոյթի մը մասին: Այնպէս կը պատահի, որ մասնաւորաբար տուեալ մեկնաբանուած նիւթի մասին ես այնքան մը մանրամասն տեղեկութիւններ ունենամ, որ հասկնամ թէ այս գրառում կատարող մարդը կատարեալապէս անտեղեակ է իր նիւթի էութեան - սակայն եւ այնպէս ինքզինքին իրաւունք տուած է շատ հանգամանալից ոճով արտայայտուելու, առանց իսկ նուազագոյն կասկածը թողնելու ընթերցողին վրայ, թէ իր արտայայտածը պարզապէս աջէն-ձախէն կազմուած կարծիքներ են՝ տուեալներէ ու փաստերէ զուրկ։
Եւ այսպէս, նոյն քաղաքական «դէտ»ը կրնայ մեկնաբանել Հայաստանի ներ-քաղաքական կեանքը, կրնայ գրել ԱՄՆի արտաքին քաղաքականութեան մասին, կրնայ հանգամանալից խօսիլ սփիւռքահայութեան խնդիրներու մասին, կրնայ նոյն թափով մեկնաբանել ռուս-ուքրանիական պատերազմն ու անոր հետեւանքները, եւ այս բոլորը այնպիսի տպաւորիչ ու համոզիչ ոճով, որ նոյնիսկ կասկած չի ստեղծեր թէ ինք հաւանաբար առաւօտեան լուրերու սահմաններէն անդին ոչ մէկ տեղեկութեան կը տիրապետէ տուեալ նիւթի մասին։ Տունը նստած, ընկերային ցանցերէն բաներ մը հաւաքած, կարծիքներ կազմած ու երբեմն ալ տուեալներ յօրինած՝ հանրութեան վերլուծումներ կը հրամցնէ։ Եւ բնականաբար ոչ մէկը պիտի գտնուի իրեն հարցնող, թէ ի ՞նչ տուեալներու կամ հեղինակութեան վրայ է որ ան հիմնած է իր տեսակէտները։
Երանի մարդիկ համեստութիւնը ունենան իրենց գիտցածին կամ տիրապետած նիւթին մասին գրելու եւ խօսելու, մանաւանդ երբ կը ներկայանան որպէս «մասնագէտ»։ Աւելին, երանի հայ լրագրողները աւելի բծախնդիր ըլլան իրենց ընտրած մեկնաբաններու գծով, եւ երանի մեր հայ հանրութիւնը նոյնքան թոյլատու չ՚ըլլայ բանջունիական զեղումներով քաղաքական վերլուծաբաններու ուղղութեամբ։
Ամենագիտութիւնը մեր տունը կը քանդէ, եւ «պուլշիթ»ը զիս կը խեղթէ։
ՅԳ- Անգլերէն չգիտցողին համար՝ «պուլշիթ»ը ցուլի թրիքն է։