Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը ծննդեան 60-ամեակի կապակցութեամբ։ Շնորհաւորական ուղերձին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի.
«Դուք արժանի հեղինակութիւն կը վայելէք հայրենակիցներու շրջանակին եւ միջազգային ասպարէզին մէջ՝ որպէս իմաստուն եւ փորձառու պետական գործիչ, որ կրնայ նոյնիսկ ամենադժուարին իրավիճակներուն մէջ հաւասարակշռուած, հեռատես որոշումներ կայացնել։ Ձեր ղեկավարութեամբ Ատրպէյճանը հանրաճանաչ յաջողութիւններու հասած է տնտեսական, ընկերային եւ այլ ոլորտներում մէջ։ Ես կը գնահատեմ մեր բարեկամութիւնը: Ուրախ կ'ըլլամ շարունակելու ձեզի հետ կառուցողական, բովանդակալից երկխօսութիւնը եւ սերտ համատեղ աշխատանքը՝ ի շահ ռուս-ատրպէյճանական ռազմավարական գործընկերութեան հետագայ զարգացման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման։
Սրտանց ձեզ քաջառողջութիւն, բարեկեցութիւն եւ յաջողութիւններ կը մաղթեմ։ Օգտուելով առիթէն՝ իմ սրտաբուխ ողջոյններս կը փափաքիմ փոխանցել ձեր ընտանիքին»: